«HABEMUS PAPAM» ընտրուեցաւ կաթոլիկների նոր քահանայապետը` Լեւոն ԺԴ
«Annuntio vobis gaudium magnum: habemus Papam!» այս խօսքերով որոնք կը նշանակեն «Ձեզի կ՛աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, Քահանայապետ մը ունինք»։ Մի քանի րոպէ առաջ Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն Նախասարկաւագ Կարդինալ` Տոմինիք Մամպերթին արտասանեց այնքան սպասուած լատիներէն բանաձեւը, Հռոմին ու համայն աշխարհին աւետելով Սուրբ Պետրոսի յաջորդին անունը.
“Eminentissimum ac Reverendissimum Dominum, Dominum… վսեմաշուք եւ մեծարգոյ Տիար Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթ Հռովմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ Կարդինալ որ կը ստանձնէ Լեւոն ԺԴ անունը։
Մինչ այդ Սուրբ Պետրոս հրապարակ խուժած հազարաւոր հաւատացեալները ծափահարութեամբ ընկալեցին լուրը, սպասելով նորընտիր Քահանայապետին Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն յայտնուիլը, եւ այդ պահուն աւելի մեծ ուրախութեամբ ու հրճուանքով շարունակեցին ծափողջոյնները։
Նոր Քահանայապետը կը պատկանի Ակոսթինեան միաբանութեան եւ եօթանասուն տարեկան է։ Ան ինչպէս նշեցինք ուզեց առնել Լեւոն ԺԴ անունը։ Ան մինչեւ օրս կը վարէ Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչի պաշտօնը, ընտրուեցաւ այսօր 8 Մայիս 2025-ին երեկոյեան ժամը 18.07։ Ան պատմութեան 267-րդ Քահանայապետն է։
Առաջին Ակոսթինեան միաբանութենէն Քահանայապետ ու երկրորդ Ամերիկացի Քահանայապետը, Ֆրանչիսկոս Պապէն ետքը, բայց Ան, ի տարբերութիւն իր նախորդին, ծնած է Ամերիկեան ցամաքամասի հիւսիսը ու պաշտօնավարած է որպէս Հովիւ ցամաքամասի հարաւը, նախ քան Ֆրանչիսկոս Պապը զինք կոչեր կառավարելու Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութիւնը ու Լատին Ամերիկային Յանձնաժողովը»։