ԶԳՈՅՇ. Մեր պահանջն է՝ Երևանը որևէ համաձայնագրի ստորագրությամբ չվտանգի Հայաստանի պետականությունը. Արամ Առաջին
ԶԳՈՅՇ...
ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆՍԱՍԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ԲՈԼՈՐ ՆԿԱՏՈՒՄՆԵՐԷ ՎԵՐ
Ազերի-Թուրք բանակին կողմէ Արցախին դէմ շղթայազերծուած պատերազմը կասեցնելու կոչուած զինադադարի յայտարարութիւնը, ինչպէս օրին յիշած էինք, կը պարունակէ այնպիսի անորոշ ու երկդիմի կէտեր, որոնք կրնան վտանգել Հայաստանի պետութեան անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը։ Զինադադարի յայտարարութեան վտանգալից կէտերը հարկ է որ յստակացուին Հայաստանի պահանջով ու Ռուսիոյ օժանդակութեամբ։ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան եւ պետութեան ամուր ու անվթար պահպանումը անսակարկելի համահայկական յանձնառութիւն է։ Մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին, ճակատագրական պահերուն, ազգին ու հայրենիքին գոյութեան սպառնացող վտանգներուն դիմաց մեր ժողովուրդը իր «ոչ»ը ըսած է, ի գին ամէն զոհողութեան։
Ծանօթ չենք Յունուար 11-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Փութին-Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումի օրակարգի մանրամասնութիւններուն։ Մեր պահանջն է, կը հաւատանք նաեւ մեր ժողովուրդին, որ Երեւանը որեւէ համաձայնագրի ստորագրութեամբ չվտանգէ Հայաստանի գերիշխանութիւնը, պետականութիւնը ու հողային ամբողջականութիւնը:
Մեծի Տանն Կիլիկիո Արամ Առաջին կաթողիկոսի ֆեյսբուքյան էջից