Հռոմի պապ Ֆրանցիսկոսը հոգին ավանդեց առ Հայր
Մահացել է Հռոմի պապ Ֆրանցիսկոսը: Այս մասին տեղեկանում ենք «Vatikan news»-ի ֆեյսբուքյան էջի հրապարակումից.
«Այսօր` երկուշաբթի 21 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան կանուխ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ հոգին աւանդեց առ Հայր։ Լուրը ուղիղ եթերով, Տոմուս Սանթա Մարթայէն հաղորդեց Կարդինալ Ժոզէֆ Ֆարրելը` Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի վերատեսչութեան վերատեսուչը ու Հռոմի Եկեղեցւոյ «Քամերլենկոն» այսինքն Ան կարդինալը, որ Քահանայապետին մահուընէ ետքը կը ստանձնէ առաքելական պալատի մատակարարումը ու կարդինալական պապընտիր ժողովի (Քոնքլաւ) անվտանգութեան ու կարգ կանոնին վրայ հսկողութիւնը։
«Եղբայրներ եւ քոյրեր, մեծ ցաւով է որ կը յայտարարեմ մեր սիրելի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մահը» ըսաւ ի խօսքին սկիզբը Կարդինալ Ֆարրելը։
Այսօր առաւօտեան ժամը 7:35 անց, Հռոմի Եպիսկոպոս, Ֆրանչիսկոսը, վերադարձաւ Հօր տունը։ Անոր համայն կեանքը նուիրուեցաւ Տիրոջ ու Անոր Եկեղեցւոյ ծառայութեան։
Մեզի սորվեցուց հաւատարմութեամբ ապրիլ Աւետարանի արժէքները, քաջութիւն ու տիեզերական սէր, յատկապէս աւելիով աղքատներուն ու բացառուածներուն նկատմամբ։
Մեր ամենախոր երախտագիտութեամբ Անոր Տէր Յիսուսի իսկական աշակերտի օրինակին համար, Ֆրանչիսկոս Պապին հոգին կը վստահինք Միակ ու Երրեակ Աստուծոյ ողորմած անհուն սիրոյն»: