44֊օրյայի վիրավորներին Հունաստանից ուղարկված 4 տոննա բեռը 1 տարի է, ինչ «Զվարթնոցում» է
ՀՅԴ Հունաստանի կառույցի սոցցանցի պաշտոնական էջում հրապարակվել է Հայաստանի կառավարությանն ուղղված բողոքի նամակ, որն ամբողջությամբ ներկայացնում ենք ստորև.
Խոր հիասթափութիւն ու անհանգստութիւն յառաջացնող լուրի մը մասին տեղեկութիւն հասաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Յունաստանի երկու միաւորներուն՝ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի եւ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչին, Հայաստանի Զուարթնոց օդակայանին միջոցաւ, ուր կը յայտնուէր, թէ օդանաւակայանի պահեստանոցի բաժնին մէջ կը շարունակեն մնալ՝ Յունաստանէն մէկ տարի առաջ, 12 Դեկտեմբեր 2020-ին, եւ 9 Յունուար 2021-ին, 15 բալլեթներ, որոնք հասցէագրուած էին Հ.Հ. Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեան։
Ինչպէս ծանօթ է, Յունաստանի ամբողջ տարածքին կատարուած մարդասիրական օգնութեան արշաւ մը կազմակերպուեցաւ, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ու անոր աւարտէն ետք, Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն օգնելու եւ յատկապէս հայ զինուորներուն կարիքները հոգալու իմաստով։ Աննախադէպ ծաւալներու հասած՝ հայ եւ յոյն ժողովուրդէն գոյացած մարդասիրական այս օգնութիւնը կազմակերպուած էր Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի ու Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչին կողմէ, որոնք իրենց շուրջ համախմբեցին գաղութի բոլոր ազգայինները, յունական մեծ ընկերութիւններ, մարդասիրական կազմակերպութիւններ, անհատներ եւ յունական պետութիւնը, որ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ԻՏԱՍ բաժանմունքի նեցուկով եւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրած երկու օդանաւներով, Երեւան հասցուց օգնութեան մեծ մասը։
Հսկայական քանակութենէն այն մասը որ հագուստեղէն, ծածկոցներ, խաղալիքներ, զանազան պիտոյքներ, վերմակներ կը ներառնէր ուղղուած էր Հայաստանի Հայ Օգնութեան Միութեան, որ օրին ներկայացաւ օդակայան եւ յաւելեալ գումարներ վճարելով ստանձնեց ու վերցուց օգնութեան ծրրարները, անոնք շուտով հասցնելով ու բաժնելով կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն։
Իսկ այդ մասը որ բժշկական սարքեր եւ դեղօրայքի մեծ ու թանկարժէք քանակութիւն կը ներառնէր, հասցէագրուած էր Հայաստանի Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեան, այնպէս ինչպէս օրին թելադրուած էր Հայաստանի պետութենէն։
Զուարթնոց օդանաւակայանէն հաղորդուած լուրին համաձայն, օդանաւակայան մնացած է Հ.Հ. Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեան հասցէագրուած բաժինը, որ այնքան կարեւոր էր վիրաւոր մեր զինուորներու խնամքին համար։ Հակառակ Զուարթնոց օդանաւակայանի շարունակական ճնշումներուն դէպի նախարարութիւն, որպէսզի գան եւ ստանձնեն օգնութեան բաժինը յայտնի է, թէ ոչինչ կատարուած է, այլ օգնութիւնը շարունակած է մնալ օդանաւակայանի պահեստանոցը։
Այդ բաժինը կը կազմէ 9 բալլեթ, որ Երեւան հասած էր 12 Դեկտեմբեր 2020-ին եւ 6 բալլեթ, որ Երեւան հասած էր 9 Յունուար 2021-ին, բոլորը հասցէագրուած Հ.Հ. Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեան։ Նշենք, նաեւ, թէ երբ Յունաստանէն երկու օդանաւները Երեւան ժամանած էին, այս ապրանքներուն համար մանրամասն ցուցակներ յանձնուած էին նախարարութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք ստորագրած, ստուգած եւ ստանձնած էին օգնութեան լրիւ բովանդակութիւնը։
Ծայր աստիճան վրդովեցնող այս երեւոյթին մասին, Հ.Օ.Մ.-ի Յունաստանի միաւորները նամակ մը պատրաստած ու յղած են Հ.Հ. Արտակարգ Իրավիճակներու նախարար պրն. Անդրանիկ Փիլոյեանին եւ Հ.Հ. Արտաքին Գործոց նախարար պրն. Արարատ Միրզոյեանին, Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան պրն. Տիգրան Մկրտչեանի միջոցաւ։
Խոր հիասթափութիւն ու զայրոյթ յառաջացնող այս իրողութեան լոյսին տակ, կը պահանջուի յստակացնել յապաղումի ու անտարբերութեան պատասխանատուները, որոնք իրենց պարտականութիւնը ժամուն չկատարելով, վիրաւոր մեր զինուորներէն զրկեցին անհրաժեշտ դեղօրայքն ու իրենց դարմանումին կամ վերականգնումին համար իրերը։
Հարկ է անմիջապէս յանձնել ապրանքը, որ այնքան մեծ հոգատարութեամբ հաւաքագրուեցաւ ու առաքուեցաւ, իր նպատակին՝ հայ հերոս զինուորներու կարիքներուն ծառայելու համար։
____________________________________________
Բողոքի նամակ Հայաստանի կառավարութեան
Ուղղուած՝ Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր Դեսպան, պրն. Տիգրան Մկրտչեանին
Յանձնելի՝
Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ Իրավիճակներու նախարար պրն. Անդրանիկ Փիլոյեանին
Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարար պրն. Արարատ Միրզոյեանին
Մեծայա՜րգ պրն. Դեսպան Հայաստանի Հանրապետութեան,
Հայ Օգնութեան Միութեան Յունաստանի երկու միաւորները՝ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչը ու Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչը, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ու անոր աւարտէն ետք, նախաձեռնեցին մարդասիրական մեծածաւալ օգնութեան հաւաքագրման աշխատանքի, միակ նպատակ ունենալով՝ Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներու եւ ի մասնաւորի զինուորներու առաջնահերթ կարիքներու բաւարարումը:
Աւելի քան չորս ամիսներ տեւած, տենդագին աշխատանքով հաւաքուած ու ծրարուած մեծաքանակ դեղորայք, բժշկական սարքաւորումներ եւ մարդասիրական անհրաժեշտ պիտոյքներ ներփակող այս օգնութիւնը, որուն համար նուիրատուութիւններ կատարեցին հայկական եւ յունական, անձնական թէ հասարակական գործօններ, եւ որու քանակը կը գերազանցէր 40 tn.-ը, ուղարկուեցան Հայրենիք, երեք տարբեր մասերով, առաջինը՝ 12 Դեկտեմբեր 2020-ին եւ երկրորդը՝ 9 Յունուար 2021-ին օդային ճամբով Յունաստանի Արտգործ եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւններու տրամադրած զինուորական օդանաւերով , իսկ երրորդ մասը՝ 8 Փետրուար 2021-ին, ցամաքային ճամբով:
Այս օգնութեան մէկ բաժինը փոխանցուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի եւ Արցախի միաւորներուն, որոնք անմիջական կերպով կազմակերպեցին անոնց բաշխումը կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն, իսկ բժշկական սարքերու եւ դեղորայքի բաժինը ուղարկուեցաւ Հ.Հ. Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեան, որպէսզի պետական մարմինները համադրուած կերպով զանոնք տրամադրեն -իրենց հայեցողութեամբ եւ ըստ կարեւորութեան, նկատի ունենալով թէ երկիրը դեռ կը գտնուէր պատերազմական վիճակի մէջ:
Պէտք է նշել թէ Հ.Օ.Մ.-ի մեր միաւորները, իրենց վերաբերող մարդասիրական օգնութեան համար պարտաւորուեցան մուծել մեծ գումարներ, որպէսզի ապրանքները շուտով փոխանցուին իրենց, մօտեցում որ մեզի համար անընդունելի էր նկատի ունենալով օգնութեան մարդասիրական բնոյթը: Օրին՝ մեր ուղարկած թիւ 103/18-21 նամակով (9 Փետրուար 2021.ին), մեր այս դժգոհութիւնը փոխանցեցինք Հ.Հ. փոխ վարչապետ՝ պրն. Տիգրան Ավինեանին, որ ցարդ մնացած է անպատասխան:
Հինգշաբթի, 27 Յունուար 2022-ին, մարդասիրական օգնութեան Երեւան ժամանումէն մէկ տարի ետք, ի հեճուկս մեր ունեցած թիւր տպաւորութեան, որ ամէն ինչ կարգին հասած ու տրամադրուած է կարիքաւորներուն, Զուարթնոց օդանաւակայանի պահեստանոցի բաժնի պատասխանատուի կողմէ հեռախօսային եւ գրաւոր կերպով, խոր զարմանքով իմացանք, թէ 12 Դեկտեմբեր 2020ի-ն Երեւան հասած օգնութեան 9 բալլեթ (2654 kgr) եւ 9 Յունուար 2021-ին հասած օգնութեան 6 բալլեթ (1543 kgr), մինչ այսօր կը գտնուին օդակայանի պահեստանոցներ, ու չեն ստանձնուած Ա.Ի. Նախարարութեան կողմէ, հակառակ կատարուած բազմաթիւ փորձերուն: Պէտք է նշել կրկին, թէ նախարարութեան ուղարկուած ապրանքներու պարունակութիւնը՝ դեղորայք, անթացուպեր, բժշկական տարբեր սարքեր, սայլակներ եւ այլն, ծայր աստիճան կարեւոր ու անհրաժեշտ են, մեր վիրաւոր զինուորներու նախնական կարիքները հոգալու համար:
Պարզուած այս ամօթալի իրականութիւնը մեզ յաւելեալ կը վրդովեցնէ, եթէ նկատի առնենք հետեւեալ կարեւոր իրողութիւնները եւս, թէ՝
Ա.-այս օգնութեան համար յոյն եւ հայ անհատներ եւ ընկերութիւններ փութացին արագօրէն արձագանգելու մեր դիմումներուն, տրամադրելով մեծ արժոյթի իրեր ու դեղորայք,
Բ.-օգնութեան հաւաքագրումը ընթացաւ Յունաստանի տարածքին համավարակի սաստկացման օրերուն, երբ առկայ էր պետութեան կողմէ սահմանուած շրջագայութեան խիստ արգիլում:
Այս աշխատանքին լծուած մեր միութիւններու կամաւորները, Յունաստանի ամբողջ տարածքին, ջանք չի խնայեցին (նոյնիսկ իւրաքանչիւրը իր վրայ վերցնելով 300 եւրօ տուգանքի պարագան),որպէսզի ժամ առաջ մարդասիրական օգնութիւնը հասնի հայրենիք,
Գ.-մեր բարեկամական յարաբերութիւնները օգտագործելով Յունական պետութեան հետ, կարողացանք ապահովել զինուորական օդանաւեր, որ ժամ առաջ մարդասիրական օգնութիւնը հասնի Հայաստան: Այստեղ պէտք է նշել, եւ կ’ակնկալէինք, որ Հ.Հ. կառավարութիւնը գիտակցի այն մեծ պարտաւորութեան, որու տակ կը գտնուինք յունական պետութեան առջեւ, որոնք արձագանգելով մեր դիմումին, առանց յապաղումի, երկու առիթներով, անվճար տրամադրեցին զինուորական օդանաւեր: Չենք ուզեր նոյնիսկ մտածել, թէ ինչպիսի տպաւորութիւն կրնայ ստեղծուիլ յոյն կառավարական եւ պետական շրջանակներուն մօտ, եթէ իրենց իմացութեան հասնի՝ անտարբեր այս կեցուածքի ամօթալի իրականութիւնը:
Իսկ ամէնակարեւոր կէտը ու հարցականը մեզի համար այն է, թէ որո՞նք են յանցաւոր այդ անձնաւորութիւնները, որոնք չի փութացին օգնութիւնը ստանձնելու եւ բաժնելու կարիքաւոր եւ վիրաւոր հերոս զինծառայողներուն, այլ թաքնուելով դիւանակալական տարբեր ձեւակերպութիւններու ետին՝ ամբողջ մէկ տարի, այդ պահեցին Զուարթնոց օդանաւակայանի պահեստարաններուն մէջ:
Այս նամակով, մեր միութեանց անդամներու, մեր նուիրատուներու եւ մարդասիրական աշխատանքի յաջողութեան նպատակին նուիրուած ու մասնակցած բոլոր կամաւորներու անունով, մեր զայրոյթն ու բողոքը կու գանք ներկայացնելու Ձեր միջոցաւ ու միջնորդութեամբ՝ Հ.Հ. վարչապետին, Ա.Ի. եւ Ա.Գ. նախարարներուն, ու մեր շեշտակի պահանջքը՝ որպէսզի, առանց ուշացումի, նախարարութեան կողմէ ստանձնուին իրերը եւ յանձնուին 44-օրեայ պատերազմի վիրաւոր ու կարիքաւոր մեր զինուորներուն:
Մենք կը վերապահենք մեր իրաւունքը, այս հարցին շուրջ տեղեակ պահելու մեր գաղութի հայրենակիցները ու հայրենի հասարակութիւնը:
Յարգանքով`
Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւն
Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան
Խաչի Շրջանային Վարչութիւն